2015-01-08 10:11:12

Ծնունդը Եգիպտոսի մէջ` հանրապետութեան նախագահը մասնակցեցաւ ճրագալոյցի պատարագին։


(Ռատիօ Վատիկան) Եգիպտոսի ղպտի օրթոտոքս եկեղեցիները, կաթողիկէ եւ արեւելեան այլ եկեղեցիներու հետ միասին, որոնք կը հետեւին Յուլիանոսի տարեցոյցին, 7 Յունուարին տօնեցին Յիսուսի ս. Ծնունդը։
Եգիպտոսի նախագահ Ալ Սիսի ներկայ գտնուեցաւ պատրիարք Թաուատրոս Բ-ի Յիսուսի ս. Ծննդեան ճրագալոյցի պատարագին, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով հաւատացեալներուն մօտ։ Նախագահին անսպասելի ներկայութիւնը մեծ ուրախութիւն պատճառեց։ Ան իր շնորհաւորական խօսքին մէջ ըսաւ ''ձեր մէջ կը գտնուիմ բարեմաղթութիւններս յայտնելու համայն Եգիպտոսի ու բոլոր եգիպտացիներուն''։ Իր այս բարեմաղթութեամբ Նախագահը նոր տեսութիւնը մը տուաւ իր քաղաքականութեան։ Ան մտադիր է երկիր մը վերակերտել հիմնուած հաւասարութեան, սիրոյ ու եղբայրակցութեան վրայ, բոլոր եգիպտացիներուն միջեւ։ ''Ղպտի քրիստոնեաներէն կը խնդրենք միասիրտ կերտել Եգիպտոսը առանց որեւէ խտրականութեան'' - յայտնեց է եգիպտոսի նախագահը։








All the contents on this site are copyrighted ©.